2016-07-27 10:22:00

337 երեսփոխաններ Եգիպտոսի խորհրդարանին ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը


Եգիպտական «Պալատ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբի անդամ Մուսթաֆա Պաքրի խորհրդարանին ներկայացուցած է իր եւ 336 այլ երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած բանաձեւ մը, որ խորհրդարանէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ այլ պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ իրաւական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` միջազգային ընտանիքին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Պաքրի իր դիմումին մէջ կ՛աւելցնէ, որ պէտք է դատապարտել օսմանցիներուն կողմէ 1915-1922-ին գործուած ջարդերը, որոնց զոհ գացին 1,5 միլիոն անմեղ քաղաքայիններ, որովհետեւ այդ ոճիրը անզէն ժողովուրդի մը դէմ ցեղասպանութիւն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.