2016-07-26 14:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական պատգամը Ճափոնի անկարներու կեդրոնի մէջ աղէտին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ճափոնի մէջ անկարներու համալիրի  մէջ տեղի ունեցած աղէտին ի լուր, երեքշաբթի, 26 յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  Թոքյոյի թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Փիթեր Թաքէօ Օքատային ցաւակցական պատգամ մը յղեց­, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ  յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին տխրութիւնը ''Tsukui Yamayurien''  անկարներուն կեդրոնի մէջ  տեղի ունեցած աղէտի  մարդկային կորուստներուն համար։ Ան, գրած է կարդինալ Փարոլին­, իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ աղէտի  վիրաւորներուն , ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու ընտանեկան պարագաներուն։

Կարդինալ Փարոլին հուսկ յայտնած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  կ՝աղօթէ վիրաւորներուն համար  մաղթելով անոնց շուտափոյթ ապաքինում, եւ  խաղաղութեան եւ համերաշխութեան  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  Ճափոնցի ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.