2016-07-26 14:16:00

Ռուէնի մէջ Քահանայի մը ''բարբարոսական '' սպանութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան 9,45-ին, Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքի մօտակայ գտնուող Սէն Էթիէն եկեղեցւոյ վրայ յարձակում կատարուած է որուն ընթացքին սպաննուած է Եկեղեցւոյ 84 ամեայ ծերունի ժողովրդապետ` Հայր Ժաք Համել, եւ վիրաւորուած են այլ  հաւատացեալներ։ Ոստիկանութիւնը որ անմիջապէս ներխուժած է ահաբեկչութեան վայր` սպանած է երկու ոճրագործները։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց որուն մէջ յայտնեց է թէ այս մէկը նոր ահաւոր լուր մըն է որ կ՛աւելնայ այդ բռնութիւններու շղթային որոնք մեզ կը վրդովեն ու կը յառաջացնեն անհուն մտահոգութիւն ու ցաւ։ Հայր Լոմպարտի ապա յայտնեց թէ Սրբազան Քահանայապետը տեղեակ պահուած է եւ թէ իր մասնակցութիւնը կը բերէ այդ անհեթեթ բռնութեան` ցաւին ու սարսափին, արմատական կերպով դատապարտելով ատելութեան որեւէ երեւոյթ­։

Հայր Լոմպարտիին հրատարակած հաղորդագրութենէն անմիջապէս ետք հրապարակուեցաւ նաեւ կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական պատգամը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ապահովեցնէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ու աղօթքով կը միանայ ընտանիքներուն, թեմին ու ժողովրդապետութեան ցաւին։ Կարդինալ Փարոլին հուսկ կը յայտնէ թէ Նորին Սրբութիւնը ողորմած Հօր Աստուծմէ կը խնդրէ որ Հայր Ժաք Համելը ընդունի իր յաւիտենական խաղաղութեան եւ լոյսին մէջ ու մխիթարութիւն շնորհէ վիրաւոր անձերուն։ Կարդինալ Փարոլին հուսկ կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ կերպով ցնցուած է որովհետեւ այդ բարբարոսական արարքը պատահեցաւ Եկեղեցւոյ մը մէջ` պատարագի  ընթացքին, որ է ծիսակատարութիւն մը որ Աստուծմէ կը հայցէ խաղաղութիւն աշխարհին։

Յայտնենք թէ այս առընչութեամբ Միջ Կրօնական Քահանայապետական խորհուրդի  նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը եւս ցաւակցագիր մը յղած է Ռուէնի Արքեպիսկոպոսին, որ կը գտնուի Քրաքովիա` մասնակցելու համար ԵՀՕ հաւաքին եւ որ արդեն ճամբայ ելած է վերադառնալու համար իր քաղաքը ու մօտիկ ըլլալու իր հօտին ու եկեղեցւոյ։ Այս վերջինս եւս ի լուր այս ահռելի արարքին, հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ իր ցաւն ու կսկիծը յայտնեց, ու ապահովեցուց իր աղօթքները, դատապարտելով ամէն տեսակ բռնութեան երեւոյթ ու հաստատելով թէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զէնքը կը մնայ միշտ աղօթքը եւ եղբայրութիւնը։ Ան ապա հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն բռնութեան դիմաց իրենց ձեռքերը վար չ՛առնելու եւ դառնալու սիրոյ քաղաքակրթութեան առաքեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.