2016-07-26 09:33:00

Յունահայ պատանիներու այցը Ռատիօ Վատիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 25 Յուլիս 2016-ին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքէն խումբ մը հայ պատանիներ, առաջնորդութեամբ Յունաստանի Հայ կաթողիկէներու Վիճակաւոր` Արհիապատիւ Յովսէփ Թ Ծ Վրդ Պեզեզեանի, այցելեցին Ռատիօ Վատիկանի շէնքը, ուր առիթը ունեցան ծանօթանալու Ռատիօ Վատիկանի պատմութեան եւ անոր գործունէութեան։

Գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պեզեզեան տեղեկացուց թէ երիտասարդները Իտալիա կը գտնուին նախ Հռոմ Քաղաք ու Վատիկան շրջապտոյտ մը կատարելու ապա պիտի փոխադրուին Լամեցիա ուր հանդիպումներ պիտի ունենան իրենց հասակակից տեղական սկաուտ պատանիներուն հետ Քարիթասի եւ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի կողմէն կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ամրապնդելու համար բարեկամական եւ եղբայրական կապեր ընդմէջ իտալացի եւ Յոյն  երիտասարդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.