2016-07-26 10:04:00

Ճափոն. Յարձակում հաշմանդամներու կեդրոնի մը վրայ


Ճափոնական «Քէոտօ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ 20-ամեայ երիտասարդ մը սուրով յարձակած է Սակամիհարա քաղաքին մէջ գտնուող հաշմանդամներու կեդրոնի մը վրայ, ուր սպաննած է 19 հոգի եւ վիրաւորած 45 ուրիշներ:

Շրջանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յարձակումը գործած երիտասարդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.