2016-07-26 09:20:00

ԵՀՕ ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրաքովիայի մէջ կազմակերպուած ԵՀՕ զուգահեռ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ որոնց գլխաւորն է ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն''  նիւթին մասին մտածականներ շարք մը որոնք տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ, զանազան լեզուներով` ներառեալ Հայերէնը, ու տարբեր քաղաքներու եկեղեցիներու եւ վայրերու մէջ, որոնց ընթացքին Քահանաները երիտասարդները պիտի պատրաստեն լաւապէս ըմբռնելու ապաշխարութեան խորհուրդի եւ հաշտութեան նշանակութիւնը։ Ամէն մէկ մտածականի նիստ կ՛եզրափակուի սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Իսկ երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ նախատեսուած են ''Երիտասարդութեան Փառատօնը'' բնաբանով հոգեւոր, մշակութային եւ արուեստագիտական ձեռնարկներ որոնք ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան երեկոյեան բացի այն օրերէն ուր նախատեսուած են կարեւոր հաւաքներ։

''Երիտասարդութեան Փառատօնի'' ծիրէն ներս նախատեսուած են համերգներ, ցուցահանդէսներ, մարզական միջոցառումներ, թատրոն....առիթ տալով երիտասարդներուն ոչ միայն մասնակցելու որպէս հանդիսատեսներ այլեւ որպէս արուեստագէտներ եւ կազմակերպիչներ։

Քրաքովիայի եկեղեցիները, հրապարակներն ու կեդրոնական վայրերը պիտի դառնան համայն աշխարհի երիտասարդներու համար հանդիպումի վայրեր` աղօթքի եւ աւետարանումի ի սպաս։

ԵՀՕ ընթացքին կազմակերպուած այլ ձեռնարկներէն է նաեւ ''Կոչումներու կեդրոնը'' որ յանձնուած է միաբանութիւններու, կաթողիկէ դպրոցներու եւ համալսարաններու ինչպէս նաեւ միսիոներական շարժումներու, ունենալով որպէս կէտ նպատակ` օգնել երիտասարդները լաւապէս ծանօթանալու Եկեղեցիէն ներս իրենց կոչումին  քաջալերելով զանոնք իր գործ դնելու ու համապատասխանելու Աստուծոյ կոչին։  ''Կոչումներու կեդրոնը'' ապա առիթ կ՛ընծայէ մօտէն ծանօթանալու Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հարստութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.