2016-07-26 10:28:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը


Երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, պատրիարքի խորհրդական դոկտ. Կրկես Սալեհ եւ Լիբանանի ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը: Հանդիպման սկիզբը դոկտ. Սալեհ վեհափառ հայրապետին յանձնեց ղպտի պատրիարքին կողմէ առաքուած անձնական նամակ մը:

Վեհափառ հայրապետը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ղպտի պատուիրակութեան յիշեցուց երկու քոյր եկեղեցիներուն պատմական կապերը եւ շեշտեց ուժեղ հիմքերու վրայ հաստատուած այս համագործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը: Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները մեզի համար խթան պէտք է հանդիսանան առաւել եւս ամրապնդելու մեր սերտ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ` Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մեր համայնքներուն միջեւ: Պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին` խոստանալով անպայման Թէոդորոս պատրիարքին փոխանցել արծարծուած հարցերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.