2016-07-25 09:41:00

Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց «Թռչնոց Բոյն»ը


Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, այցելութիւն տուաւ կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող «Թռչնոց բոյն» հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ հաստատութեան գործունէութեան ու ապագայի ծրագիրներուն:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան»-ը: Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը կը զուգադիպէր թանգարանի պաշտօնական բացման առաջին ամեակին: Ան մեծ գոհունակութեամբ լսեց պատասխանատուներուն ներկայացուցած մէկ տարուան աշխատանքին ամփոփ զեկուցումը եւ գնահատեց տարուող աշխատանքը:

Այցելութեան աւարտին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» հեռատեսիլին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է գտնուիլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին այս երկու կարեւոր կառոյցներուն մէջ: «Թռչնոց բոյն»-ի անցեալը ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր որբեր անցած են «Թռչնոց բոյն»-էն, այստեղ դաստիարակուած ու կազմաւորուած են եւ իրենց սրտին ու մտքին մէջ կենդանի կը պահեն «Թռչնոց բոյն»-ը իր անմոռանալի յիշատակներով` մանաւանդ մեր պատմութեան ճակատագրական հանգրուանին հաստատութեան կատարած նուիրական առաքելութեամբ»: Շարունակելով իր խօսքը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօր եւս կարեւոր առաքելութեան կոչուած է «Թռչնոց բոյն»-ը: Այս նուիրական հաստատութիւնը կը պատսպարէ ամէնէն աւելի խնամքի կարիքը ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակները` որբեր եւ կարիքաւոր ու ծնողազուրկ երեխաներ: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակները ի սփիւռս աշխարհի պէտք է շարունակեն նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ այս հաստատութեան»:

Ապա, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ահաւասիկ նուիրական այլ կառոյց մը: Ուրախութեամբ ու արդար հպարտութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը դարձաւ այս թանգարանին հիմնադրութիւնը, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարերարներէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու իշխանական բարերարութեան: Այս թանգարանը սովորական թանգարան մը չէ, ան վկայարան մըն է, նաեւ յուշարար Հայոց ցեղասպանութեան, թէ՛ մեր նոր սերունդներուն եւ թէ՛ օտարներուն: Ուրախ ենք իմանալով, որ թանգարանը մէկ տարուան ընթացքին շուրջ 7000 հայ եւ օտար այցելուներ ունեցած է: Այս կարեւոր կառոյցը թէ՛ բարերարին եւ թէ՛ մեր Ս. աթոռին անմիջական հոգածութեան առարկան է, ու պիտի շարունակենք նորանոր ծրագիրներ մշակել թանգարանի զարգացման ի խնդիր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.