2016-07-24 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը ''Հայր Մեր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 24 Յուլիս 2016-ի կէսօրին­, Ֆրանչիսկոս Պապ` իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին սովորութեան համաձայն ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն, «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր» եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ «երբ աղօթէք ըսէք Հայր Մեր....». Հայր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ­, այս է Յիսուսին աղօթքին գաղտնիքը, բանալին որ մեզի կը յանձնէ որպէսզի մենք եւս մեր կարգին երկխօսութեան մտերիմ կապի մէջ մտնենք Հօր հետ։

Յիսուսին աղօթքը քրիստոնեային  աղօթքն է որով ան տեղ կը բանայ Աստուծոյ որպէսզի Ան մեր կեանքին մէջ իրագործէ իր սիրոյ արտայայտութիւնը ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց Հայր Մեր աղօթքին մէջ պարունակուած երեք խնդրանքներու. Հաց,  ներում եւ օգնութիւն։ Հացը որ Յիսուս կը պարգեւէ, անհրաժեշտ է­, հաց մը որ չի մսխուիր եւ չի դանդաղեցներ մեր ընթացքը։ Ներումը ապա զայն նախ եւ առաջ կ՛ընդունինք Աստուծմէ Անոր անհուն Աստուածային ողորմութեան ուժով եւ այն ատեն կարող կը դառնանք մենք եւս ներելու մեր եղբայրներուն։ Իսկ երրորդ խնդրանքը մի տանիր մեզ փորձութեան կը յատկանշէ այն գիտակցութիւնը թէ միշտ թիրախ կրնանք ըլլալ չարին եւ կաշառակերութեան ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ակնարկեց Աւետարանական հատուածի շարունակութեան ուր Յիսուս երկու առակներ կը պատմէ իրեն աշակերտներուն հաստատելով թէ Հայր Աստուած մեզմէ լաւ կը ճանչնայ մեր կարիքները, ու հրաւիրեց հայցել Սուրբ Հոգւոյն գալուստը որպէսզի կարենանք լաւապէս ապրիլ մեր կեանքը, սիրով եւ իմաստութեամբ­, իրագործելով Աստուծոյ կամքը։ Թող Տիրամայրը օգնէ մեզի աղօթելու Հայրը միացած Յիսուսին­, որպէսզի ապրինք ոչ թէ աշխարհիկ այլ Աւետարանի կեանք առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.