2016-07-23 11:04:00

Մինսքի խմբակի համանախագահները կը փորձեն կազմակերպել Սարգսեան–Ալիեւ հանդիպում մը


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատանքները` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի, այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք` աւելցնելով, որ տակաւին յստակ չէ յաջորդ հանդիպումին յստակ թուականը:

Համանախագահները` ի դէմս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան, շեշտած է Ուորլիք:

Յիշեցնենք, որ նախագահներուն միջեւ վերջին հանդիպումը կայացաւ 20  յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ` Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.