2016-07-22 11:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ներածականը Մայր Թերեզայի մասին ''Սիրենք ան որ սիրուած չէ''գիրքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին Վատիկանի մէջ պիտի գլխաւորէ Քալքութայի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութիւնը, ստորագրած է Մայր Թերեզայի մասին ''Սիրենք ան որ սիրուած չէ'' գիրքին ներածականը, որ լոյս տեսած է Իտալական ''Քորրիերէ Տելլա Սերա'' օրաթերթին մէջ։

Իր գրութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ակնարկէ 5 բառերու, անոնց մասին հակիրճ խորհրդածութիւններ ներկայացնելով. Աղօթք, սէր, ողորմութիւն, ընտանիք եւ երիտասարդներ։ Այս վերջիններուս ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ զանոնք ըլլալու ''կամուրջ կառուցողներ, խափանելու համար բաժանումի, մերժումի եւ ուրիշներէն վախի տրամաբանութիւնը'' եւ տրամադիր ըլլալու ''աղքատներուն ծառայելու''։

''Մի թողուք որ ձեզմէ խլեն ձեր ապագան'' կը յորդորէ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով երիտասարդները իրենց էութիւնը կառուցելու Յիսուս Քրիստոսի` Աստուծոյ վրայ, դիտել տալով թէ` Ան որ Աստուծոյ վրայ կը կառուցէ, ժայռի վրայ կը կառուցէ, որովհետեւ Աստուած միշտ հաւատարիմ է նոյնիսկ երբ մենք անհաւատարիմ ըլլանք։

''Բարձունքներուն ձգտեցէք, Արծիւի նման որ է Մայր Թերեզայի երկրի խորհրդանիշը'' գրած է Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով երիտասարդները դառնալու համայն աշխարհին համար Քրիստոսի եւ Աւետարանի վկաներ։

Վերոնշեալ գիրգին մէջ Մայր Թերեզան կը հաստատէ թէ ''ամենածանր հիւանդութիւնը ոչ թոքախտն է ոչ ալ բորոտութիւնը այլ առանձնութիւնը։ Այս է պատճառը բազմաթիւ անկարգութիւններու, բաժանումներու եւ պատերազմներու որոնք այսօր մեզ կը հարուածեն''։

Ֆրանչիսկոս Պապը ներածականի սկիզբը դարձեալ կը հաստատէ թէ Եկեղեցին բարեգործական կազմակերպութիւն մը չէ որ կը գործէ ի սպաս ծրագիրի մը։ Մենք, կը գրէ Քահանայապետը, կ՛աշխատինք անձի մը համար որ է Քրիստոս ու աղքատներուն համար` որոնց մէջ Քրիստոս կ՛ապրի ու մեզի ձեռք կ՛երկարէ եւ օգնութիւն կը խնդրէ հայցելով մեր ողորմած հայեացքը, մեր քնքշութիւնը։ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը խօսի Մայր Թերեզայի կեանքէն ներս ''աղօթքի'' կարեւորութեան մասին. որ երկխօսութիւն մըն է Յիսուսի հետ­, ապա գրութիւնը կը կեդրոնացնէ սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան վրայ յատկապէս ակնարկելով արուարձաններուն մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ապա կը կեդրոնանայ գործօն Ողորմութեան վրայ մէջբերելով Յիսուսին խօսքերն ու հրաւէրը ըլլալու ողորմած. անօթիները կերակրել, ծարաւները յագեցնել, մերկերը հագցնել..... Վերջընթեր հատուածին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ընտանիքի մասին ու մէջբերելով Մայր Թերերզայի խօսքերը կը գրէ ''Մայրիկները տունին սիրտն են, անոնք են որ կը կազմեն ընտանիքը, ընկալելով­, սիրելով եւ հոգ տանելով իրենց զաւակներուն... Մայրն է որ տունը կը դարձնէ սիրոյ բոյն։ Թէեւ շատ անգամ մայրութիւնը դժուար փորձառութիւն մըն է եւ կը դառնայ խաչ...սակայն ունինք նաեւ Աստուածամայրը, մայրերուն լաւագոյնը, որ մեզի կը սորվեցնէ անուշութեամբ վարուիլ մեզ զաւակներուն հետ։''

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կ՛ակնարկէ Մայր Թերեզայի այլ խօսքի. '' Դուք ըլլալու էք միշտ աւելիով Աստուծոյ ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը, ձեր ընտանիքներուն մէջ աղօթքը ներմուծելով։ Ընտանիքը արդարեւ կարիքը ունի սիրոյ, հաղորդութեան եւ յարատեւ աշխատանքի։ Ահա այս է ամենամեծ պարգեւը որ կրնաք ընել Եկեղեցւոյ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.