2016-07-21 13:23:00

Տաքքայի ահաբեկչութեան վայրին մօտ պիտի կառուցուի եկեղեցի մը


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 1 յուլիսի գիշերը՝ Տաքքայի մէկ պանդոկի մը մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեան զոհերու շարքին  մահացած է նաեւ 33 ամեայ իտալացի Սիմոնա Մոնթի յղի կին մը։

Անմեղ զոհուածին հարազատները  որոշած են Տաքքայի մէջ  կառուցել եկեղեցի մը ՝՝Տառապող Եկեղեցի՝՝ հաստատութեան օժանդակութեամբ։

''Սիմոնան սպաննուած է հաւատքի ատելութեան պատճառով, ասօր համար ուզեցինք զինք յիշատակել աջակցելով նաեւ  հալածուած քրիստոնեաներուն'' յայտնած է Սիմոնային  եղբայրը՝ Հայր Լուքա Մոնթի աւելցնելով թէ Մոնթի ընտանիքը նիւթական օժանակութեամբ պիտի սատարէ “տառապող եկեղեցւոջ օգնութիւն” հաստատութեան,  կառուցելու համար  Սուրբ Միքայէլ անուան փոքրիկ եկեղեցի մը Տաքքայի Հարինթան գիւղաքաղաքին մէջ։

՝՝Մեր ընտանիքը քրիստոնեայ ընտանիք է՝՝  հաստատած է Հայր Մոնթին աւեցնելով  թէ իր քրոջ մահը ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութեան զոհերը  մարտիրոսներ են։ Տաքքայի մէջ եկեղեցի մը կառուցելու ծրագրին որոշման պատճառներէն մին է. յոյս ներշնչել եւ աջակցիլ Պանկլատեշի քրիստոնեաներուն, որպէսզի անոնք բռնութիւններուն դիմաց  չմատնուին յուսահատութեան եւ աղօթեն Սիմոնային հոգւոյն եւ իր հարազատներուն համար,  ըսած է միշտ Հայր Լուքա Մոնթին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.