2016-07-21 16:03:00

Կարդինալ Փարոլին. Թուրքիոյ կացութիւնը մտահոգիչ է ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումէն յառաջացած խրթին կացութեան ի տես, Վատիկանի Պետական  Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  հինգշաբթի, 21 յուլիսին, Վատիկանի ընկերային  հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդի  երբեմնի  նախագահ` Գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլիի ի պատիւ կայացած հրաժեշտի արարողութեան ներկայ գտնուող  լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  իր  խոր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես թուրքիոյ մէջ տիրող անկայուն իրաիճակին եւ ընդգծած է  թէ աշխարհի ներկայ տագնապներու լուծման մեկնակէտը կը գտնուի  մարդու եւ անոր արժանապատուութեան  յարգանքի մէջ,  այսինքն որպէս կեդրոն ընտրել մարդը ըսած է կարդինալ Փարոլին դիտել տալով թէ հակառակ պարագային ''լուծում չկայ եւ միշտ պիտի ապրինք ատելութեան, բռնութեան եւ բաժանումներու իրողութիւններ որոնք միշտ աւելիով աճ պիտի արձանագրեն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.