2016-07-21 09:53:00

Խորենացի փողոցին մէջ բախումներ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ


Չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2016-ին,  Խորենացիի փողոցին մէջ թէժ բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն ու ոստիկաններուն միջեւ:  Ցուցարարները սկսան քարեր նետել ոստիկաններուն ուղղութեամբ,  իսկ ոստիկանները, իբրեւ պատասխան,  կազային պայթուցիկներ նետեցին ցուցարարներուն ուղղութեամբ: Ցուցարարները քիչ-քիչ նահանջեցին` շարունակելով տարբեր առարկաներ ու քարեր նետել ոստիկաններուն ուղղութեամբ: Փողոցին մէջ կանգ առած ինքնաշարժներ այրեցան ու վնասուեցան:

Այս բախումները ընթացք առին, երբ քաղաքացիները ուզեցին իրենց հաւաքած սնունդը փոխանցել պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբին, սակայն  ոստիկանները մերժեցին` յայտարարելով, որ անոնք սնունդի կարիք չունին: Մարդիկ սկսան յարձակիլ եւ քարեր նետել:

Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը` հաղորդելով, որ վերոյիշեալ դէպքին իբրեւ հետեւանք, նախնական տուեալներով, հիւանդանոցներուն մէջ կան 45 վիրաւորներ, որոնցմէ 25-ը` ոստիկան: 18 հոգի տեղափոխուած է շտապօգնութեան ինքնաշարժներով, միւսները անձամբ գացած են հիւանդանոց: Բժշկական ծառայութիւններ եւ օգնութիւն տրամադրուած է բոլորին:

Մինչ այդ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը 20 յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեց, որ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը զինուած յարձակմամբ զաւթելու եւ այնտեղ պատանդներ պահելու առնչութեամբ 17 յուլիսի վաղ առաւօտէն մինչեւ տուեալ պահը իրականացուող հակաահաբեկչական գործողութեան ծիրին մէջ, ազատ արձակուած են հինգ անձեր: Անոր համաձայն, աշխատանք եւ բանակցութիւններ կը կատարուին միւս պատանդները եւս ազատ արձակելու ուղղութեամբ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց, որ ձեռնարկուող միջոցառումները առանձնայատուկ են եւ խիստ մասնագիտական, ուստի զանոնք կազմակերպող եւ իրականացնող անձերը կողմնակի միջամտութեան կամ օժանդակութեան կարիք չունին:

«Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու յատուկ ստորաբաժանումները կը շարունակեն մնալ մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ, սակայն անոնց աշխուժ գործունէութեան համար առայժմ անհրաժեշտ նախադրեալներ չկան», եզրափակեց ծառայութիւնը:

Աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն «Թերթ»-ին յայտնեցին, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Կարօ Եղնուկեան ձերբակալուած է:  Աւելի կանուխ «Նոր Հայաստան» միութենէն յայտարարած էին, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն աշխատակիցներ խուզարկած են Կարօ Եղնուկեանի բնակարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.