Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Եւրոպայի մէջ տիրող կացութիւնն ու յատկապէս Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Դեսպան Մկրտչեան եւ Ռայի պատրիարքը քննարկեցին նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |