2016-07-20 13:31:00

Քրաքովիայի Երիտասարդութեան Հաւաքին կը սպասուին 2 միլիոն երիտասարդներ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրաքովիայի հաւաքը պիտի ըլլայ ''Սոչեալ''։ Կը սպասուին 2 միլիոն երիտասարդներ եւ եթէ անոնցմէ ամէն մին ունի առ նուազն 500 ''սոչեալ'' բարեկամութիւններ, Քրաքովիայի հաւաքի ողորմութեան պատգամը հասանելի կը դառնայ մէկ միլիառ անհատներու''։ Այսպէս արտայայտուած է Հայր Փավել Ռիթել Ատրիանիքը` Լեհաստանի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի բանբերը հաստատելով թէ Քրաքովիան պատրաստ է ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապն ու այդ մեծ հաւաքը։

Երիտասարդները որոնց շարքին նաեւ հայեր, աշխարհի տարբեր երկիրներէն սկսած են արդեն ժամանել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երկիր, մինչ այս առթիւ հրապարակուած 20 լեզուներով թարգմանուած ''Ֆէյսպուքեան'' էջը արդեն ունի 1,5 միլիոն հետեւորդներ, եւ 13 լեզուներով Թուիթերեան կայքը ունի 220 հազարէ աւելի օգտատէրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.