2016-07-20 11:36:00

Քահանայապետական թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց 30 միլիոնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական @pontifex կայքի հետեւորդներու թիւը, 19 յուլիս 2016-ին, գերազանցեց 30 միլիոնը։ Նշենք թէ  Քահանայապետական թուիթերեան կայքի առաջին թուիթը արձակուած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի օրով 12 դեկտեմբեր 2012-ին։

Թուիթները կը հրատարակուին ինը լեզուներով` Սպաներէն, Անգլերէն, Իտալերէն, Փորթուկալներէն, Լեհերէն, Ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն։ Սպաներէնը անշուշտ ամենաշատ հետեւորդ ունեցող լեզուն է մօտ 39.89 առ հարիւր որուն կը հետեւի Իտալերէնը իր 31.92 առ հարիւրով։ Արաբերէնը ամենաքիչ հետեւորդ ունեցող լեզուն է` 15.69 առ հարիւր եւ ունի 300 հազարէ աւելի հետեւորդներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.