2016-07-20 12:15:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ

Դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ դիմացկուն ըլլալը եւ տոկունութիւն ցուցաբերելը բոլոր ժամանակներուն ալ բարոյական բարձր արժանիք համարուած է։ Ամէն մարդ կը սիրէ ապրիլ խաղաղ պայմաններու մէջ ու կը ցանկայ ունենալ անվտանգ եւ հանգիստ կեանք մը։

Այս բոլորէն վեր, շատեր կը փափաքին բարեկեցիկէն աւելի՝ շքեղ կեանք ապրիլ:

Կեանքը, սակայն, միշտ անակնկալներ ունի վերապահած մեզի համար: Մեր չսպասած պահուն, յանկարծ ամբողջութեամբ կը տապալի նախապէս մեր կազմած ծրագիրը, որուն իրականացման համար այնքան աշխատանք տարած էինք ու վստահ էինք անոր յաջողութեան: Հին ասացուածքը դարձեալ կը վերարժեւորուի՝ «Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ»: Մենք հազարումէկ խորհուրդներ, մտածումներ, ծրագիրներ կրնանք ունենալ մեր ապագային առնչուող, սակայն ապագան միշտ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը գտնուի: Իր նախասահմանեալ գիտութեամբ Աստուած արդէն գիտէ, թէ ի՞նչ պիտի պատահի մեր կեանքին ընթացքին կամ ի՞նչ մահով հրաժեշտ պիտի առնենք այս աշխարհէն:

Իրենց կեանքի բարգաւաճ օրերուն, շատեր կը մտածեն ծերութեան մասին եւ այդ ուղղութեամբ նիւթական ապահովութիւններ կը կուտակեն դրամատուներու մէջ, իրենց ապագային համար: Ցարդ շատեր իրենց այդ հեռատես քաղաքականութենէն օգուտ քաղած են, ո՛չ իրենց զաւակներուն կարիքն ունենալով եւ ոչ ալ իրենց ծերութեան օրերուն խեղճ ու անտէր մնալով: Սակայն այդ հեռատես բազմութեան մէջ եղած են նաեւ շատեր, որոնք իրենց ապագային համար ամբարած նիւթական ապահովութեան կարի՛քն իսկ չեն ունեցած, որովհետեւ կեանքին ընդհատումով, արդէն ժամանակէն առաջ հրաժեշտ տուած են այս աշխարհի արեւին ու անցած միւս աշխարհը:

Աստուծոյ նախախնամական ծրագիրներուն չմիջամտելն ու այդ մասին առհասարակ չխորհիլը աւելի ճիշդ որոշում է մարդուն կողմէ, քան՝ անիմաստ տեղը մտահոգուիլն ու մտատանջուիլը:

Մարդկային կեանքը ընդհանրապէս, ու մասնաւորաբար իւրաքանչիւր անհատին կենսագրութիւնը կը հիւսուին տարբեր չափի «թելեր»ով: Այդ իսկ պատճառով կրնանք մարդկային կեանքը նմանցնել հիւսուածեղէնի: Կեանքը շատ աւելի նման է ձեռագործ հիւսուածեղէնի, զոր կ՛իրականացնեն կանայք տան մէջ, քան թէ գործարաններու մէջ պատրաստուող հիւսուածեղէնի: Որովհետեւ տան մէջ գործուողը հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ կը կատարուի, իսկ գործարանին մէջ պատրաստուած հիւսուածեղէնին մէջ «հոգի» չկայ: Տեսած էք վստահաբար, թէ մայրեր կամ մեծ մայրեր ի՜նչ ուրախութեամբ եւ համբերատար ոգիով ասրի տարբեր գոյնի մեծ կծիկները իրենց ոտքերուն քով տեղաւորած, կամաց-կամաց հիւսելով կը փոքրացնեն այդ կծիկները իրենց ճաղերու աշխոյժ շարժումներով, միշտ այսինչ կամ այնինչ իրենց զաւակին կամ թոռան հասցէագրելով իրենց ձեռքերուն մէջ հետզհետէ մեծցող հագուստը:

Աստուած մեր կեանքը տնօրինելու մասնագիտութիւնը ունի: Չկա՛յ աւելի լաւ իմացող մարդկային կեանքի մանրամասնութիւններէն, քան՝ Արարիչը, որ զանիկա ստեղծեր է: Ուրեմն, ամբողջական վստահութեամբ պէտք է յանձնես հում նիւթդ՝ բամպակային վիճակի մէջ գտնուող կեանքդ Աստուծոյ, վստահ ըլլալով, որ Ան լաւագոյնս պիտի մանէ զանիկա, մետաքսեայ դերձանի ազնուութիւնը եւ տոկունութիւնը պարգեւելով անոր:

Աստուծոյ մանածը ոսկեայ թելի արժէք ունի, որով հիւսուած զգեստեղէնները դարերու դիմանալէ բացի, այսօր թանգարաններու մէջ այցելուներու հիացումին առարկայ են: Ան կը մանէ քեզ շատ բարակ, բայց չի՛ թողուր, որ փրթի թելդ, այլ հրաշալի «հիւսուածեղէնդ»՝ աստուածահաճոյ կեանքդ, կ՛արձանագրէ մարդկային ընկերութեան պատուոյ ցուցակին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.