ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը զինուած յարձակումով զաւթելու եւ այնտեղ պատանդներ պահելու կապակցութեամբ Յուլիս 17-ի վաղ առաւօտէն մինչ այժմ իրականացուող հակաահաբեկչական գործողութեան արդիւնքով ազատուած է հինգ անձ:
«Այժմ ՊՊԾ գունդի տարածքին պահուող միւս պատանդները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ առկայ իրավիճակին վերջնական խաղաղ հանգուցալուծում տալու նպատակով կ՛իրականացուին գործողութիւններ, ներառեալ` կը շարունակուին բանակցային շփումները զինուած խումբի անդամներուն հետ:
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մէկ անգամ եւս կը յայտարարէ, որ ձեռնարկուող միջոցառումները առանձնայատուկ են եւ խիստ մասնագիտական, ուստի անոնք կազմակերպող եւ իրականացնող անձիք կողմնակի միջամտութեան կամ օժանդակութեան կարիք չունին:
«ՀՀ իրաւապահ մարմիններու յատուկ ստորաբաժանումները կը շարունակեն մնալ մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ, սակայն անոնց գործունէութեան համար առայժմ անհարժեշտ նախադրեալներ չկան», – կը նշուի ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |