2016-07-20 11:19:00

Արամ Ա.Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը


17 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Միշէլ Ժալըխը, որ եկած էր տեղեակ պահելու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու վեհափառ հայրապետին կարծիքը շարք մը հարցերու գծով:

Խորհուրդի ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ 5-8 սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան:

Հայր Ժալըխ նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ Խորհուրդին կատարած մարդասիրական գործունէութեան: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ խօսեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքի կարիքներուն մասին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.