2016-07-19 09:02:00

Պատմական Անին կ՛ընդգրկուի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ


Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութեաին ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նստաշրջանին կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով Անի քաղաքը ընդգրկուած է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Յիշեցնենք, որ 2012 թուականին Անին ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցուցակին մէջ:

Թուրքիոյ ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Անի հին քաղաքը Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող թիւով 16-րդ շրջանն է, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Ան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումը որակած է իբրեւ «հանդուրժողականութեան, բազմազանութեան եւ երկխօսութեան» համար կատարուած կարեւոր քայլ. «Անատոլիան (Փոքր Ասիան-ակունքի խմբ.) ոչ թէ մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու գերեզման, այլ թանգարան է: Այս որոշումը հպարտութիւն կը ներշնչէ: Այսօր ապագայի վերաբերեալ յուսադրող որոշում կայացուցինք»,- «Ակունք»-ի փոխանցմամբ ըսած է ան։

 Թուրքիոյ ներկայացուցիչը որոշման կայացման մէջ կարեւոր համարած է Վրաստանի, Իրանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ «քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը պէտք է բռնութենէ եւ տարակարծութենէ վեր դասել»:

Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկած է Հայաստանի ներկայացուցիչը` յայտնելով, որ այս որոշումը մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, որուն պատմական արժէք ներկայացնող ժառանգութիւններուն մեծ մասը դուրս է իր ներկայ սահմաններէն: Ան նշած է, որ միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անին Հայաստանի համար թանկարժէք զարդ է, այնուհետեւ աւելցուցած է, որ «Անին կը պատկանի ոչ թէ մէկ ազգի, այլ համայն մարդկութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.