2016-07-18 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան առաքելական այցելութեան յայտագիրի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 20 Յուլիս 2016-ի կէսօրին, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ­, ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն պիտի ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին`  27-31 Յուլիս 2016-ին Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուայ առթիւ Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Յայտնենք թէ սոյն առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան միջազգային 15-րդ ճամբորդութիւնը ու անոր երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու նախագահած երկրորդ միջազգային հաւաքը, տրուած ըլլալով որ առաջինը տեղի ունեցաւ անոր ընտրութենէն անմիջապէս ետք` 22-29 Յուլիս 2013-ին Ռիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ, որուն երրորդ տարեդարձը պիտի նշուի մի քանի օրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.