2016-07-18 09:47:00

Պաթոն Ռուժի մէջ 3 ոստիկաններ սպաննուեցան


Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Պաթոն Ռուժ քաղաքին մէջ սպաննուած են 3 ոստիկաններ, եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած են: Սպաննուած է նաեւ կասկածելի մը:

Ոստիկանութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ կացութիւնը առնուած է «վերահսկողութեան տակ»:

Վերջերս նշեալ քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կողմէ սեւամորթ մը սպաննուած էր, իսկ նոյնը պատահած էր Մինիսոթայի մէջ: Երկու դէպքերը բողոքի ցոյցի ալիք մը բարձրացուցած էին ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:

Սեւամորթ վեթերան բանակային մը սպաննուած սեւամորթներուն վրէժը լուծելու համար Տալլասի մէջ 5 ոստիկաններ սպաննեց:

Աւելի ուշ, ամերիկեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ սպաննուած կասկածելին 3 ոստիկանները սպաննողն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.