2016-07-16 09:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը՝ ինսթակրամի իր էջին վրայ Նիսի ողբերգութեան կապակցութեամբ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 15 յուլիս 2016-ին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Ինսթակրամի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը հայող Նիսի մէջ ահաբեկչական արարին։

՝՝Իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր ահաբեկչական արարքի զոհ վիրաւորներուն։ Աղօթենք միասին անոնց համար, մեռեալներուն համար եւ խնդրենք Տիրոջմէ որ դարձի բերէ ատելութենէն կուրցած բռնաբարներուն սիրտերը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.