2016-07-16 12:17:00

՝՝Նիսի կոտորածը մեզ բոլորս ցնցեց՝՝ ըսաւ Նիսի իմամը


(Ռատիօ Վատիկան) Նիսի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան դէմ, աշխարհի մահմետական կրօնի զանազան ներկայացուցիչներ կարիքն զգացին դատապարտելու սոյն ահռելի , տմարդկային եւ ողբերգական արարքը։ Անոնք, իրենց մօտիկութիւնը ցուցաբերեցին զոհերու հարազատներուն ու վիրաւորներուն, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ մահմետականներ։

՝՝Ձեր մեռեալները, մեր մեռեալներն են՝՝ յայտարարած են  Իտալիոյ մէջ զանազան մահմետական հասարակութիւններ։

՝՝Կը մերժենք որեւէ բռնութեան ձեւեր, ընդգծած է Գահիրէի մահմետական կարեւորագոյն հաստատութիւններէն՝ Ալ Ազհար համալսարանը ու ապա հաստատած ՝՝ սոյն ահռելի ահաբեկչական գործողութիւնները կը հակասեն մահմետական  կրօնի ուսուցման։   

Ֆրանսայի իմամներուն փոխ նախագահը Hocine Drouiche  Նիսի ահաբեկչական գործողութենէն մէկ օր վերջ ներկայացուցած է իր հրաժարականը ըսելով ՝՝Կը ներկայացնեմ իմ հրաժարականս եւ կը դատապարտեմ մահմետական անձեռնհաս հաստատութիւնները, որոնք բան մը չի կարողացան ընել ընկերային խաղաղութեան ի սպաս եւ կը շարունակեն կրկնել, թէ գոյութիւն չ՝ունի ծայրայեղականութիւնը։

Ֆրանսայի Փոխ իմամը ապա կոչ ուղղած է Ֆրանսայի բոլոր մահմետականներուն հրապարակ իջնելու եւ բողոքի ցոյց կատարել ահաբեկչական գործողութիւններուն դէմ, որոնք կ՝աղաւաղեն մահմետական կրօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.