(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 11 հոկտեմբեր 2016-ին, Թուրքիոյ մէջ լոյս պիտի տեսնէ, ՝՝Բարթողիմէոս Քրիսոտսի Առաքեալ՝՝ խորագիրը կրող՝ Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Տիեզերական պատրիարքին կենսագրական գիրքը, որուն յառաջաբանը գրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Գիրքին հեղինակն է Ժոն Քրիսավակիս՝ Աստուածաբան եւ Տիեզարական Պատրիարքին կենսոլորտի հարցերու խորհրդատու
Գիրքին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 հոկտեմբեր 2016-ին՝ Բարթողոմէոս պատրիարքին պատրիարք ընտրութեան 25 -րդ ամեակին առթիւ՝ որ տեղի ունեցած է 2 նոյեմբեր 1991-ին։
Գիրքին հրատարակման իրենց նպաստը բերած են ոչ միայն Ֆրանչիսկոս Պապ այլ նաեւ , Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, Անկլիքան եկեղեցւոյ Ռովան Ուիլիամ Արքեպիսկոպոսը. Րաբունապետ Տաւիտ Ռոսեն, Միացեալ նահանգներու Փոխ նախագահ Ժօ Պայտըն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |