2016-07-15 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Նիսի ողբերգութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Նիս քաղաքին մէջ ահաբեկչական արարքին ի լուր Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Նիս քաղաքի եպիսկոպոս` գերապայծառ Անտրէ Մարսոյին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է, որուն մէջ ակնարկած է Նիսի ահաբեկչական արարքին որ պատահած է Ֆրանսայի ազգային տօնին օրը եւ որ պատճառած է բազմաթիւ զոհեր­, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ ու դատապարտած է այդ արարքը արտայայտելով Ֆրանչիսկոս Պապին խորին վիշտը ու Անոր հոգեւոր մօտիկութիւնը Ֆրանսայի ժողովրդին։

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնէ անոնք որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու կը միանայ վշտահար ընտանիքներու ցաւին։

''Սրբացան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ նաեւ վիրաւորներուն ու բոլոր անոնց որոնք իրենց սատարը բերին շտապ օգնութեան գործողութիւններուն մէջ, խնդրելով Տիրոջմէ իւրաքանչիւրի համար աջակցութիւն'' գրած է ապա կարդինալ Փարոլին ու հեռագիրը եզրափակած է Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան եւ համերաշխութեան շնորհքը ու բոլոր ընտանիքներուն եւ Ֆրանսացիներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.