2016-07-15 09:15:00

Լեհաստանի առաքելական ճամբորդութիւնը։ Եկեղեցւոյ վիճակագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 27 – 31 Յուլիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Լեհաստան իր մասնակցութիւնը բերելու` Քրաքովիայի Երիտասարդներու Համաշխարհային Հաւաքին։

Լեհաստանը ունի 323.250 քմ քառակուսի տարածք եւ 37 միլիոն 507 հազար բնակչութիւն որուն 97.6 առ հարիւրը այսինքն 36 միլիոն 607 հազարը կաթողիկէ են։

Լեհաստանի Եկեղեցին ունի 10.379 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 786 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ։

Լեհաստանի Եկեղեցւոյ ի սպաս կը գործեն 156 եպիսկոպոսներ, 23.656 թեմական քահանաներ, 7005 կրօնաւորներ,  20.159 կրօնաւորուհիներ եւ 38 մնայուն սարկաւագներ, ապա 1.015 կրօնաւոր եղբայրներ ինչպէս նաեւ աշխարհական միաբանութիւններու անդամակից 1.075 անհատներ։ 

Լեհաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գործեն 887 մանկապարտէզ եւ առաջնակարգ դպրոցներ 487 միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներ, ապա 53 բարձրագոյն վարժարաններ ու համալսարաններ մինչ բարեսիրական հաստատութիւններու շարքին Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 54 հիւանդանոց, 283 բուժարան, 2  բորոտանոց, 214 տարեցներու եւ անկարներու կեդրոն, 383 որբանոց եւ մանկամսուրներ, 2154 ընտանեկան ծառայութիւններու կեդրոն, 39 ընկերային վերակարգումի կրթական կեդրոններ ու այլ բարեխնամական 2.190 կեդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.