2016-07-15 09:34:00

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները աշխուժ ընթացքի մէջ են» կ՛ըսէ Զախարովա


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բանակցութիւններու փակ ըլլալու հանգամանքը կրնա՞յ առաջնորդել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հասարակութիւններու համար անակնկալ արդիւնքներու, յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հոլովոյթին մէջ որեւէ անակնկալներու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:

Ան նաեւ շեշտած է, որ բանակցութիւններուն կը մասնակցին երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները, իսկ ատոնց մասին տեղեակ են նաեւ երկիրներու փորձագիտական հանրութիւնները, ուստի որեւէ անակնկալ չի կրնար ըլլալ:

«Հիմա կը ծաւալին աշխուժ բանակցութիւններ: Ատիկա երկար հոլովոյթ է: Վտանգը բանակցային հոլովոյթի խախտման մէջ է: Հիմա շատ կարեւոր պահ է: Մենք այցելեցինք Երեւան եւ Պաքու, մարդիկ փողոցը մեզի կը մօտենային, կը յայտնէին իրենց մտահոգութիւնները եւ կ՛ըսէին, որ չեն ուզեր արիւնահեղութեան շարունակութիւն, զոհեր: Ճիշդ այդ ալ մեր նպատակն է», նշած է Զախարովան` աւելցնելով, որ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ այն իրավիճակը, երբ բանակցութիւնները աւարտին առանց արդիւնքի:

Իսկ կարգաւորման հոլովոյթի վրայ թրքական հաւանական ազդեցութեան մասին խօսելով` Զախարովան նշած է. «Այս հարցին պատասխանը պարզ է: Որեւէ կառուցողական աջակցութիւն պիտի օժանդակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման»








All the contents on this site are copyrighted ©.