2016-07-14 09:37:00

Ֆրանսան փակած է Թուրքիոյ մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը եւ Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը փակուած են անվտանգութեան նկատառումներով:

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները 13 յուլիսէն` տեղական ժամանակացոյցով ժամը 13:00-էն սկսեալ, փակուած են մինչեւ համապատասխան հրահանգ:

Միաժամանակ չեղեալ յայտարարուած են Անգարայի, Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ 14 յուլիսին, Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով նախատեսուած տօնակատարութիւնները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.