2016-07-14 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը Լատին Ամերիկայի յանձնախումբի գրասենեակ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Անհաւատալի անանկնալ մը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը՝՝, այսպէս մեկնաբանեցին Քահանայապետական Լատին Ամերիկայի յանձնախումբի պաշտօնեաները, Սրբազան Հօր չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9.00ին, Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի վրայ գտնուող  Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի կեդրոնատեղիին կատարած այցելութիւնը մեկնաբանելով։   

Սոյն անակնկալ այցելութենէ  ապշահար մնացած պաշտօնեաներուն դիմաց, Սրբազան Հայրը արտայայտուած է Լատին Ամերիկայի յատուկ բառերով ՝՝ուզեցի ձեր մօտ պահ մը անցնիլ՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ պարզութեամբ ողջունած է բոլորը  եւ խնդրած է մասնակցիլ ընթացք առած ժողովին։   Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուած է վերնշեալ յանձնախումբի   ընդհանուր Քարտուղարութեան գրասենեակ ու ողջունելով քարտուղարը անոր հարց տուած է ՝՝ժամանակ ունի՞ս հետս քիչ մը զրուցելու ։ Շուրջ կէս ժամը տեւող մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած է անցեալին` Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս  եղած ատեն Լատին Ամերիկայի յանձնախումբին  հետ ունեցած փորձարարութիւններու  եւ յիշատակներու  մասին։

Արժանի է նշել՝ թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ Լատին Ամերիկայի յանձնախումբի գրասնենեակ այցելութիւնը որոշած է  Վատիկանի մէջ ատամնաբուժի մօտ գտնուելէ ետք։ Ան՝ իրեն ընկերացող թիկնապահին ըսած է կը փափաքիմ այցելել  Քահանայապետական Լատին Ամերիկայի յանձնախումբ եւ երբ թիկնապահը Սրբազան Հօր ուշադրութեան յանձնած է ապահովական փրոթոքոլային կարգադրութիւններու հարցերը Ֆրանչիսկոս Պապ անոր պատասխանած է ՝՝Մի մտահոգուիր, Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.