2016-07-14 09:22:00

Պքերքէի մէջ Լիբանանի Հոգեւոր պետերը հանդիպեցան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ


Երեքշաբթի, 12  յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքերքէի Մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:

Արտաքին գործոց նախարարը խօսք առնելով շեշտեց Ֆրանսայի ամուր կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ ֆրանսան կարելին կը կատարէ նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու համար, այդ նպատակի իրագործման համար օգտագործելով շրջանի կարգ մը երկիրներուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները: Նախարարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական հարց գոյութիւն չունի եւ Լիբանանը կրցած է հեռու մնալ շրջանը յուզող տագնապներէն: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու աւելի ազդու մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին:

Նախարարին կ՛ընկերանային Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, նախ եւ առաջ բարի գալուստի խօսք արտասանեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը` շեշտելով Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ կապերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը: Ապա, ընդառաջելով պատրիարքին առաջարկին, խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի ներածական բաժինին մէջ անդրադառնալով Լիբանանի միութեան, ամբողջականութեան ու անկախութեան նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած ամուր կապուածութեան, յիշեց Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը եւ ըսաւ, թէ Լիբանան ո՛չ միայն Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մաս կը կազմէ, այլ նաեւ մարդկային, մշակութային ու քաղաքական հասարակաց արժէքներ կը բաժնէ Ֆրանսայի հետ: Հետեւաբար, Ֆրանսան Լիբանանի մեծ բարեկամը ըլլալով սպասելի է, որ իր գործնական զօրակցութիւնը շարունակէ Լիբանանին նկատմամբ:

Այս ընդհանուր ներածականէն ետք, վեհափառ հայրապետը գլխաւոր երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր մտածումներն ու առաջարկները.-

1)  Միջին Արեւելքին նկատմամբ Ֆրանսայի դերը սպասելի է, որ ըլլայ աւելի ազդու եւ անմիջական: Այսպէս ըլլալու պատճառներ կան: Արդարեւ, Ֆրանսայի պատմական կապը Միջին Արեւելքի հետ, իր ունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ, անոնց ունեցած յատուկ յարգանքը եւ վստահութիւնը Ֆրանսայի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շրջանի տագնապներու գծով Ֆրանսայի ցուցաբերած հաւասարակշռուած մօտեցումները վստահութիւն ու կարելիութիւն կը ստեղծեն Ֆրանսային համար աւելի լայն ու ազդու դերակատարութիւն ունենալու Միջին Արեւելքին մէջ:

2) Միջին Արեւելքը պատմականօրէն եղած է քրիստոնէութեան կեդրոնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ պատմութեան ընթացքին նուազած է թիւը քրիստոնէութեան, սակայն շրջանին մէջ կը գտնուին քրիստոնէական կարեւոր կեդրոնները, պատմական եկեղեցիներ եւ կարեւոր թիւով քրիստոնեայ համայնքներ: Սակայն այսօր, շրջանին մէջ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Արդարեւ, տնտեսական տագնապը, անապահով կացութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ արտագաղթը սկսած են լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Այս կացութիւնը միայն քրիստոնէութեան մտահոգութիւնը չէ, ան նաեւ պէտք է դառնայ արաբական աշխարհին եւ Եւրոպային մտահոգութիւնը: Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնէութեան ներկայութեան շատ բան պիտի կորսնցնէ իր որակէն, մշակութային արժէքներէն եւ տնտեսական հզօրութենէն: Աւելի՛ն, դարերու ընթացքին արմատացած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան բացակայութիւնը շրջանը պիտի վերածէ ծայրայեղականութեան կեդրոնի. մտահոգիչ երեւոյթ մը, որուն գործնական արտայայտութիւնը արդէն իսկ կ՛ապրինք, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքին մէջ, այլ նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ Ֆրանսան իր արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ յաճախակի յիշեցումներ կատարէ արաբական եւ արեւմտեան պատասխանատուներուն յիշեալ վտանգի հետեւանքներուն մասին:

3) Ապա, երրորդ կէտով վեհափառ հայրապետը խօսքը կեդրոնացնելով Լիբանանին վրայ` ըսաւ. «Այսօր երկու գլխաւոր հարցեր կը դիմագրաւէ Լիբանան` նախագահական ընտրութիւն եւ ապահովութիւն: Որոշ շրջանակներ ապահովութիւնը կը նկատեն առաջնահերթ, իսկ նախագահական ընտրութիւնը երկրորդական: Նման մօտեցում սխալ է ու վտանգաւոր: Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել: Կարելի չէ նաեւ մէկը միւսով պայմանաւորել: Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել երկիր մը առանց նախագահի: Հետեւաբար, ես ճիշդ չեմ նկատեր նախագահական ընտրութեան ձգձգումը տեսակ-տեսակ արգելքներու ստեղծումով: Արդարեւ, նախագահի բացակայութիւնը կրնայ պետութեան օրինականութիւնը վտանգել, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հարցականի տակ դնել, քրիստոնէական ներկայութիւնը տկարացնել եւ նոյնիսկ Լիբանանի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել»: Շարունակելով իր խօսքը վեհափառ հայրապետը յայտնեց. «Գաղտնիք չէ այլեւս, որ նախագահի ընտրութեան առնչուած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ տարբեր մօտեցումներ գոյութիւն ունին եւ տարբեր տեղական եւ շրջանային շահեր կը հետապնդուին: Դժբախտաբար, արտաքին ուժերը աւելի անմիջական ու ազդու դերակատարութիւն ունին նախագահական ընտրութեան գծով, քան` ներքին: Մեր սպասումն է, որ Լիբանանին հետ կապ ունեցող երկիրները օգտակար ըլլան մեր հարցերը լուծելու»: Այս կէտին անդրադառնալով, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղակիօրէն նախարարին ուղղելով` ըսաւ. «Ճիշդ է, համաձայն ենք, որ լիբանանցիներու միջեւ անհրաժեշտ է ներքին համաձայնութիւն մը որպէս նախապայման նախագահի ընտրութեան` ինչպէս դուք կ՛առաջարկէք, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ, որ մեզի բարեկամ նկատուող երկիրները օգնեն մեր քաղաքական պատասխանատուներուն ներքին համաձայնութեան ընթացքը դիւրացնելու: Նախագահի ընրութիւնը միայն քրիստոնեաներուն հարցը չէ, միայն Լիբանանին հարցը չէ, այլ նաեւ արաբական աշխարհին ու ամբողջ շրջանին: Լիբանանի նախագահը միայն Լիբանանի քրիստոնեաները չի ներկայացներ, այլ ան խորհրդանիշ է Միջին Արեւելքի քրիստոնէական ներկայութեան: Լիբանանը կրօնական ու մշակութային զանազանութեան երկիր է: Հո՛ս է Լիբանանին ինքնութիւնն ու հարստութիւնը: Պէտք է պահել զանոնք: Ահա հոս կը կայանայ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը: Սպասելի է, որ Ֆրանսան Լիբանանի հարցերով շահագրգռուող շրջանի երկիրներուն հետ աւելի ազդու կերպով շարունակէ իր յարաբերութիւնը` շուտափոյթ նախագահական ընտրութեան ի խնդիր»:

Ճաշի ընթացքին նորին սրբութիւնը առիթ ունեցաւ վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ մտերմօրէն զրուցելու արտաքին գործոց նախարարին հետ: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանսային, Հայոց ցեղասպանութեան գծով ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած բարեկամութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.