2016-07-14 11:20:00

Եւրոպական Միութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական ծառայութեան զարգացման


Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան 13 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէօթր Սվիթա-լսքիի հետ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են քանի մը ծրագրային ուղղութիւններով Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան համակարգի զարգացման վերաբերող աշխատանքներուն արդիւնքները, քննարկուած են ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի հետագայ համագործակցութեան շրջանակները:

Մանուէլ Բադալեան ներկայացուցած է քաղաքացիական ծառայութեան զարգացման հիմնական մարտահրաւէրները, համակարգային բարեփոխումներու իրականացման ընթացիկ վիճակը, Եւրոպական Միութենէն Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի ակնկալիքները՝ մեթոտաբանական եւ փորձագիտական աջակցութեան առումով: Փ. Սվիթալսքի նշած է, որ ինչպէս ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան, այնպէս ալ դրացնութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական ծառայութեան համակարգի զարգացումը կը նկատուի հիմնական առաջնահերթութիւններ, քանի որ կայուն, արժանի եւ ապաքաղաքականացած հանրային ծառայութեան համակարգի ստեղծմամբ եւ կենսունակութեամբ  պայմանաւորուած է պետական կառոյցներուն արդիւնաւէտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Մ. Բադալեան եւ Փէօթր Սվիթալսքի հանդէս եկած են միացեալ ասուլիսով, որուն ընթացքին Մ. Բադալեան բարձր գնահատած է ԵՄ-ի աջակցութիւնը քաղաքացիական ծառայութեան բարեփոխումներուն՝ նշելով, որ Հայաստան այդ համակարգի զարգացումը կը նկատէ եւրոպական չափորոշիչներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխանելու ուղղութիւն: Դեսպանը նշած է, որ ոլորտային բարեփոխումներու իրականացման հարթութեան վրայ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը բաւական սերտ է, եւ իրենք ոգեւորուած են բարեփոխումներու հիմք հանդիսացող քաղաքացիական ծառայութեան նոր օրէնքի նախագիծի մշակման աշխատանքներով, պատրաստ են հետագային եւս՝ Հայաստանի հետ կնքուելիք բազմամիլիոննոց աջակցութեան նոր ծրագիրի ծիրին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.