2016-07-13 13:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր գերապայծառ Զիմովսքիի մահուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 13 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան իր հոգին աւանդեց առ Հայր Քահանայապետական  առողջապահութեան հովուութեան խորհուրդին նախագահ` Գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքի։

Այս տխուր լուրը առնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերոնշեալ խորհուրդի քարտուղարին յղեց ցաւակցական հեռագիր մը որուն մէջ ակնարկեց գերապայծառ Զիմովսքիի երկար հիւանդութեան ու այդ հիւանդութեան ընթացքին անոր հաւատքի ու քրիստոնէական վկայութեան հոգիին։

Կը փափաքիմ իմ հոգեւոր մասնակցութիւնս արտայայտել այդ սուգին որ կը պատէ Քահանայապետական առողջապահական խորհուրդի կառոյցը, գրեց Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցագիրին մէջ յիշելով հանգուցեալին Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութիւնը եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի զայն ընդունի իր արդարներու շարքին, բարեխօսութեամբ Լեհաստանի Թագուհի` Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ։

Նորին Սրբութիւնը հեռագիրը եզրափակեց հայցելով ննջեցեալին համար Աւետարանի ծառաներուն խոստացուած վարձատրութիւնը եւ իր մխիթարական առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց գերապայծառ Զիմոքսքիի բոլոր համագործակիցներուն   եւ ընտանեկան պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.