2016-07-13 10:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Հայաստանի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 25 յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը, Հայաստան կատարած եռօրեայ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միասին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, գլխաւորեց համամիութենական հանդիպումը ու խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը։

Բացօթեայ այս արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, պետական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմահազար հայորդիներ ու յատկապէս երիտասարդներ­, որոնք, Երեւանի Հանրապետութեան գեղեցիկ հրապարակին վրայ համախմբուած էին  իրենց սէրն ու գորովը արտայայտելու Հռոմէն եկած` խաղաղութեան եւ ողորմութեան պատգամաւոր Ֆրանչիսկոս Պապին։

Վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին արտասանած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ իր փափաքը եղած էր այցելել  Հայաստանը,  որ առաջինն եղաւ որ ընդունեց քրիստոնեայ հաւատքը, առանձնաշնորհութիւն նկատելով իր այդ բարձունքներու վրայ գտնուիլը, որտեղ- ըսաւ Ան- Արարատ լերան հայեացքի ներքոյ, նոյնիսկ լռութիւնը խօսուն կը թուի. խաչքարերը կը պատմեն անկրկնելի մէկ պատմութիւն, ամրակուռ հաւատով եւ սոսկալի տառապանքներով հիւսուած, պատմութիւն մը՝  հարուստ Աւետարանի սքանչելի վկաներով, որոնց ժառանգներն էք դուք:

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ ինք ''Հռոմէն կու գայ որպէս ուխտաւոր'' հանդիպելու հայերուն հետ ու սրտի խորքէն բխող իր սիրոյ եւ մօտիկութեան զգացումը արտայայտելու։ Ֆրանչիսկոս Պապ այդ հանդիպման առթիւ անդրադարձաւ ապա երկու եկեղեցիներու միջեւ տիրող յարաբերութիւններուն որոնք ըսաւ Ան ''շատ յարգալից եւ ստէպ յիշարժան'' եղած են, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ազգի զաւակներուն իրենց ''Աւետարանին հերոսական հաւատարմութեան համար, որ անգնահատելի պարգեւ է բոլոր քրիստոնեաներու համար'':

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց հուսկ համամիութեան գաղափարին եւ ընթացքին վրայ ակնարկելով բոլոր այն վկաներուն ու նահատակներուն որոնք մեզ կանխեցին եւ այսօր որպէս ''աստղեր երկնքի մէջ, մեզի ցոյց կու տան  այն ճանապարհը՝ որ  մեզի կ՛իյնայ կտրել  դէպի ամբողջական հաղորդութիւն''։ Սրբազան Քահանայապետը այդ վկաներէն յիշեց յատկապէս  սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսը ''որ արտակարգ սէր կը տածեր իր ժողովրդի եւ անոր աւանդութիւններու հանդէպ, ու միաժամանակ հակուած էր միւս Եկեղեցիներուն, անխոնջ միութեան փնտռտուքին, Քրիստոսի կամքը իրականացնելու փափաքով. որպէսզի հաւատացողները «մէկ ըլլան» (Յվ, 17,21):

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց ''Աղօթելով եւ «սրտանց իրար բուռն սիրելով» (հմմտ. Պտ 1,22), խոնարհութեամբ եւ հոգիի բացուածքով տրամադրուիլ ստանալու միութեան Աստուածային ընծան: Վճռականութեամբ շարունակենք մեր ընթացքը, մանաւանդ թէ, վազենք դէպի մեր միջեւ ամբողջական հաղորդութիւնը'' – ըսաւ Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Միջին Արեւելքին, որտեղ բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛ենթարկուին բռնութեան, հալածանքի եւ ատելութեան եւ ուր մարդկային անձի յարգանքի պակաս կայ, յատկապէս տկարներու, աղքատներու եւ պատուարժան կեանք խնդրողներու նկատմամբ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց թէ ''ինչպէս քրիստոնէական հաւատը, «նոյնիսկ հայոց պատմութեան ամենա-ողբերգական պահերուն, մղիչ զսպանակն եղած է, որ յատկանշած է տառապեալ ազգի  վերածնունդը: Այսպէս, նոյնիսկ ամենամեծ ցաւը, Խաչի փրկագործ զօրութիւնից փոխակերպուած, որի մունետիկն ու վկաներն են հայերը, կարող է խաղաղութեան սերմ դառնալ ապագայի համար ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ  ''բոլորը աջակցելու են ապագայի հիմքերը դնելու, եւ չթոյլատրելու վրէժի խաբէական ոյժէն ներծծուել'' ապագայ, որտեղ երբեք չյոգնինք խաղաղութեան պայմաններ ստեղծել. բոլորի համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներու խնամատարութիւն եւ անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, որ պէտք է արմատախիլ ընել:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով Հայաստանի երիտասարդներուն ըսաւ.

''Սիրելի երիտասարդներ, այս ապագան ձերն է. Ձեր մեծերի իմաստութիւնն ամբարելով, խաղաղարարներ դառնալու հնարաւորութիւնն էք ունենում. ոչ թէ ''ստատուս-քոյի'' նոտարներ, այլ հանդիպումի եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնի ձեր ապագան եւ «պարգեւի, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդների հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, եւ խաղաղութիւնը տիրի Ղարաբաղում» (Պատգամ Հայերին, 12 ապիրլ 2015):








All the contents on this site are copyrighted ©.