2016-07-13 09:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Իտալիոյ մէջ շոգեկառքի արկածի ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ հարաւային շրջանին մէջ տեղի ունեցող երկու շոգեկառքերու միջեւ արկածին ի լուր, որ պատճառեց 27 մեռեալներ եւ աւելի քան 50 վիրաւորներ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, երեքշաբթի, 12 յուլիսին, հեռագիր ուղղեց Պարի-Պիթոնթօ թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ֆրանչիսկոս Քաքուչչիին,  որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները  ու մասնակցութիւնը անթիւ ընտանիքներու վիշտին՝ ի լուր Քորաթօ-Անտրիա շոգեկառքի գիծին վրայ պատահած արկածին որ պատճառած է  մեռեալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ապահովէ իր աղօթքը բոլոր անոնց, որոնք ողբերգաբար մահացան մինչ ՝վիրաւորներուն համար Աստուծմէ կը հայցէ շուտափոյթ ապաքինում, գրած է Կարդինալ Փարոլին յղած հեռագիրին մէջ մատնանշելով ապա՝ թէ  Նորին Սրբութիւնը,  Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին կը յանձնէ  բոլոր անոնք , որոնք ողբերգաբար սուգի մատնուեցան եւ անոնց կը շնորհէ իր  մխիթարիչ առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.