2016-07-13 12:48:00

Քահանայապետական Անուանումներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 13 Յուլիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան որպէս անդամներ անուանեց կարգ մը Եկեղեցական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նշենք Մարոնիներու Անտիոքի Պատրիարք Կարդինալ Պեշարա Պութրոս Ռային, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Կղերի Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա­, հուսկ շարք մը եպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ որոնց շարքին Տիկ Քիմ Տանիելս Ամերիկայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կրօնային ազատութեան խորհուրդի խորհրդատու, գերմանացի Տիար Մարքուս Շախթեր եւ Հոգեբան ու հաղորդակցութեան միջոցներու մասնագէտ սպանացի Տիկ Լեթիցիա Սոպերոն Մայներօ։

Նշենք թէ վերոնշեալ Քարտուղարութիւնը ստեղծուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով  Վատիկանեան հաղորդակցութեամբ զբաղող բոլոր լրատուամիջոցները եւ գրասենեակները մէկ կառոյցի տակ համախմբելու միտումով։ Քարտուղարութեան կառավարիչն է Գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ մինչ ընդհանուր Քարտուղարն է Գերապայծառ Լուչիօ Ատրիան Ռոյզ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.