2016-07-13 09:43:00

Պրազիլի մէջ ողիմպիական խաղերու ի տես ՝՝Խաղաղութեան 100 օրեր՝՝ ձեռնարկ


(Ռատիօ Վատիկան) Պրազիլի մէջ կայանալիք ողիմպիական խաղերուն ի տես, Ռիօ Տէ Ժանեյրոյի Սան Սեպասթիանօ թեմի մարզանքի հովութեան բաժանմունքը կազմակերպած է ՝՝Խաղաղութեան 100 օրեր՝՝ խորագիրով ծրագիր, որուն նպատակն է  արժէքաւորել եւ գնահատել  մարզանքի արժանիքները  ինչպէս նաեւ նպաստել  Նոր աւետարանացման զարգացման։

''Ողիմպիական խաղերը պատեհ առիթ են զարգացնելու համար ժողովուրդներու եւ  նաեւ զանազան կրօններու  միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը՝՝ յայտնած է Ռիոյ թեմիմ արքեպիսկոպոսը ՝գերապայծառ Օրանի Թեմբեսթան։,

Ողիմպիական խաղերուն ի տես կազմակերպուած խաղաղութեան 100 օրեր ձեռնարկին, նախատեսուած է ՝՝Մարզանքի բարեկամներ՝՝ անուան միջոցառում ՝ ուղղուած երիտասարդներուն, որուն ծիրէն ներս յատուկ հիւրընկալութեամբ պիտի ընդունուին  ողիմպիակական խաղերուն մասնակցող մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները։

Կազմակերպուած է նաեւ՝՝ խաղաղութեան օր՝՝ ձեռնարկ մը որուն հրաւիրուած են թեմի դպրոցներու բոլոր աշակերտները։ 

Նշենք­, թէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  եւ ողիմպիական խաղերու   կազմակերպիչներու միջեւ կապերը  միշտ ամուր եղած են , ոչ միայն որովհետեւ  Ի դարուն ՝՝ ՏԷ Քուպերթին՝՝ անձնապէս ճանչցած է Պիոս Ժ Քահանայապետը՝ զոր քաջալերած է ողիմպիական խաղերուն հիմնադրին՝ կազմակերպելու ողիմպիական խաղերը , այլ նաեւ որովհետեւ եկեղեցին ցմիշտ արժէքաւորած է  մարզանքը ու անոր առողջ արժանիքները՝  ինչպէս,  հակառակորդին հանդէպ յարգանք, մարմնի նկատմամբ խնամք եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան զարգացումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.