2016-07-12 09:35:00

Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը իր սահմանադրական երդումը կատարեց


Այսօր առաւօտեան Սուրիոյ նոր կառավարութեան անդամները, վարչապետ Իմատ Խամիսի գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին դիմաց սահմանադրական իրենց երդումը կատարեցին։
Յետ երդման արարողութեան նախագահը կառավարութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին նկատել տուաւ, որ քաղաքացիներուն ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի դժնդակ պայմանները նոր կառավարութիւնը կը դնեն կրկնակի պատասխանատուութեան դիմաց։ Ուստի անհրաժեշտ է թափանցիկութեամբ աշխատիլ, նախարարական գրասենեակներուն եւ գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն միջոցով քաջատեղեակ ըլլալ քաղաքացիներուն կարիքներուն ու անոնց զարկերակին եւ գործել ո՛չ թէ սոսկ քարոզչական իմաստով մամուլին մէջ առաւելներ արձանագրելու նպատակով, այլ՝ ժողովուրդին կարիքները ապահովելու առաջնահերթութեամբ։

Անդրադառնալով զանգուածային լրատուամիջոցներուն, նախագահը շեշտեց, թէ մամուլը պէտք չէ պետութեան կոչնակը ըլլայ, այլ պէտք է հարազատ մեկնաբանը դառնայ ժողովուրդի պահանջներուն եւ ակնկալութիւններուն, այդ պարագային միայն ան կը շահի ժողովուրդին վստահութիւնն ու պետական աշխատանքներուն զօրակցող ժողովրդային ենթահող կը ստեղծէ։
Նախագահը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ սուրիական դրամանիշի վերարժեւորման, սղաճի նուազեցման, արդիւնաբերական աշխատանքներու խրախուսման, Սուրիոյ վերականգնումի ամբողջական աշխատանքներու ձեռնարկումին եւ տնտեսական արդար համակարգի ստեղծման կարեւորութեան։
Նախագահը շեշտեց, որ կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանանան նաեւ սուրիական բանակի նահատակներուն ընտանիքներն ու վիրաւորները։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:








All the contents on this site are copyrighted ©.