2016-07-12 14:22:00

Կիրակի 17 Յուլիս 2016 Բ Կիրակի զկնի վարդավառի - Մատթէոս 19, 1-12


1 Երբ Յիսուս աւարտեց այս խօսքերը, մեկնեցաւ Գալիլեայէն եւ գնաց Հրէաստանի հողամասը` Յորդանանի միւս կողմը:

2 Մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր, ու հոն բուժեց զանոնք:

3 Փարիսեցիները մօտեցան անոր եւ փորձեցին զայն` ըսելով. “Արտօնուա՞ծ է, որ մարդ մը արձակէ իր կինը` որեւէ պատճառի համար”:

4 Ան ալ պատասխանեց անոնց. “Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն` որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ.

5 “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ *մարմին”:

6 Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա` մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է”:

7 Ըսին իրեն. “Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց ամուսնալուծումի վկայագիր տալ եւ արձակել”:

8 Ըսաւ անոնց. “Մովսէս ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար արտօնեց ձեզի` որ արձակէք ձեր կիները. բայց սկիզբէն այնպէս չէր:

9 Սակայն կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ'արձակէ իր կինը` առանց պոռնկութեան պատճառի, ու կ'ամուսնանայ ուրիշի մը հետ` շնութիւն կ'ընէ: Եւ ո՛վ որ արձակուածին հետ կ'ամուսնանայ` շնութիւն կ'ընէ”“:

10 Իր աշակերտները ըսին իրեն. “Եթէ ա՛յդ է պարագան մարդուն եւ [իր] կնոջ միջեւ, օգտակար չէ ամուսնանալ”:

11 Բայց ինք ըսաւ անոնց. “Բոլորը չեն ընդունիր ասիկա, հապա անոնք` որոնց տրուած է:

12 Որովհետեւ կան ներքինիներ, որոնք ա՛յդպէս ծնան` [իրենց] մօր որովայնէն. կան ներքինիներ, որոնք մարդոցմէ՛ ներքինի եղան. ու կան ներքինիներ, որոնք իրենք զիրենք ներքինի ըրին` երկինքի թագաւորութեան համար: Ո՛վ որ կրնայ ընդունիլ` թող ընդունի”:








All the contents on this site are copyrighted ©.