2016-07-11 14:19:00

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Վրաստան եւ Ատրպէյճան առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է  Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 30 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբեր Վրաստան եւ Ատրպէյճան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

30 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Թիֆլիսի միջազգային օդակայան ուր ժամը 3-ին նախատեսուած բարի գալուստի արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Վրաստանի հանրապետութեան նախագահին ու նախագահական պալատի ներքնափակին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ երկրի Պետական իշխանութիւններուն, Քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնին հետ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կը հանդիպի Համայն Վրաստանի կաթողիկոս - պատրիարք ԻԼԻԱ Բ հետ ու առաջին օրուայ յայտագիրը կ՛եզրափակէ Քաղդէացիներու Սուրբ Սիմէոնի եկեղեցին այցելելով եւ այնտեղ հանդիպում ունենալով Ասորի - Քաղդէացի կաթողիկէ տեղական հասարակութեան հետ։

Շաբաթ 1 հոկտեմբերին Մեսխի մարզադաշտի տարածքին Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը ապա հանդիպում կ՛ունենայ տեղական կաթողիկէ կղերին հետ­­, որուն կը յաջորդէ Նորին Սրբութեան այցը Քամիլեան Միաբանութեան խնամակալութեան կեդրոն` ու հանդիպում կեդրոնի մէջ խնամուած անհատներուն ու կեդրոնի մէջ գործող  աշխատակիցներուն հետ, որմէ ետք Սրբազան Պապը այցելութիւն կը կատարէ Մսխեթայի Սվիեթիզխովելի Պատրիարքական Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։

 

Կիրակի` 2 հոկտեմբեր 2016-ին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Թի­ֆլիսի միջազգային օդակայանէն ու կը մեկնի Պաքու` Ատրպէյճանի մայրաքաղաք­­, ուր Հէյտար Ալիեւ օդակայան ժամանումին նախատեսուած է բարի գալուստի արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ Սուրբ պատարագ Պաքուի Սալեզեաններու կեդրոնի Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ մէջ ու հանդիպեմ եւ ճաշ Սալեզեան միաբանութեան անդամներուն հետ։

Յետմիջօրէին Ճենքլիքի Նախագահական Պալատին մէջ նախատեսուած է բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն եւ քաղաքավարական այցելութիւն երկրին նախագահին ինչպէս նաեւ հանդիպում երկրի իշխանութիւններուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Հէյտար Ալիեւ Մզկիթին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Կովկասի Մուֆթիին հետ ապա կը հանդիպի Պաքուի օրթոտոքս եպիսկոպոսին եւ հրեաներու հասարակութեան նախագահին, հուսկ Պաքուի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը տեղական ժամով 19,15-ին կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ Հռոմ` ապա Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 10-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.