2016-07-11 10:21:00

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170-ամեակը. Հանդիսաւոր պաշտամունք։


Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան(ՄԱՀԱԵՄ), երէկ` կիրակի, 10 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պաշտամունք, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170-ամեակին առիթով: Պաշտամունքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Վեր. Հրայր Չոլաքեանի պաշտամունքի կոչէն ետք ժողովուրդը երգեց «Փառաբանութիւն» երգը եւ կարդաց հայ աւետարանական եկեղեցիներու հաւատոյ հանգանակը: Ապա մանուկներու երգչախումբը մեկնաբանեց գոհաբանութեան երգեր, որմէ ետք վեր. Վիգէն Չոլաքեան ընթերցեց Հին կտակարանէն հատուած մը, իսկ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եկեղեցւոյ համար աղերսանքի աղօթք կատարեց: Դարձեալ ժողովուրդի մեկնաբանութեամբ «Եկեղեցին ընդհանրական» երգի կատարումէն ետք վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ընթերցեց Նոր կտակարանէն հատուած մը: Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ մինչ կը տօնենք Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170-ամեակը, կը նայինք անոր անցեալին, ներկային եւ մանաւանդ ապագային, նաեւ անոր էութեան, հաղորդակցութեան, ծառայութեան եւ վկայութեան տուեալները կը բաղդատենք անցեալին հետ հարց տալով, թէ եկեղեցւոյ համար տակաւին յոյս կա՞յ: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան բացատրեց, թէ այս հարցումին կարելի է պատասխանել դրական կամ ժխտական, աւելցնելով, որ դրական պատասխանողները կը շարունակեն մաս կազմել եկեղեցւոյ կեանքին, իսկ ժխտական պատասխանողներուն համար եկեղեցին կը վերածուի ժամանակավրէպ գոյութեան մը կամ յարմար ժամանակին անկէ օգտուելու հաստատութեան մը: Շարունակելով իր խօսքը վերապատուելին յայտնեց, որ մեր պատասխանը կը հիմնուի յոյսի մեր հասկացողութեան վրայ եւ բացատրեց, թէ յոյսը կը վերաբերի ապագային, հետեւաբար ինչ որ կ՛ակնկալենք այն է որ պիտի որոշէ, թէ ինչպէս կը տեսնենք ներկայի իրականութիւնները եւ ինչպէս կ՛արժեւորենք անցեալը: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ, որ յոյսը իր «տեսակ»-ը ունի. հաստատ, անխախտ, անսասան յոյս, նաեւ անցողակի, սահմանափակ յոյս, աւելցնելով, որ վերոյիշեալ երկու տեսակներուն միջեւ կան յոյսի շատ մը մակարդակներ, որոնց մէջ մարդ արարածը կրնայ իրեն համար ընտրել կեանքի որակի եւ արժէքի իմաստներ, որոնց համեմատ կը փորձէ դասաւորել իր ներկան եւ կազմել անմիջական ապագան:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ, որ եկեղեցին յստակ կերպով կը տեսնէ անցեալը, ներկան եւ ապագայի բոլոր կարելիութիւնները, նաեւ կը քննարկէ եւ կը չափէ աշխարհին կատարած որակը` անոր տալով ճիշդ գնահատում: Եկեղեցին իր յոյսին համեմատ կ՛ընդունի, կը գրկէ ամէն բան եւ կը նուիրականացնէ, նաեւ աշխարհին կը ներկայացնէ նոր ու կենդանի այն ճամբան, որուն մէջ ինք` եկեղեցին կը քալէ: Եզրափակելով իր խօսքը Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հրաւիրեց եկեղեցւոյ անդամները անխախտ պահելու յոյսի դաւանութիւնը, նորոգելու իրենց յոյսը, որպէսզի անով ապրին` զիրար հոգալով, զիրար բարեգործութեան մղելով, մէկտեղ հաւաքուելով եւ զիրար յորդորելով:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց նուիրումի երգը, որմէ ետք վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց, թէ 25 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170-ամեակի կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Պաշտամունքը փակուեցաւ «Տէրունական աղօթք»-ով` երգչախումբի կատարողութեամբ եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:


''Ազդակ'':








All the contents on this site are copyrighted ©.