2016-07-11 12:09:00

1625-ի ձեռագիր տօնացոյցը փոխանցուած է Մայր Աթոռին


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 1625-ի ձեռագիր Տօնացոյց: Այս մասին կը տեցեկացնէ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը:

Արծաթեայ կրկնակազմով մատեանը հայ արծաթագործութեան լաւագոյն նմուշներէն է եւ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ դպրոցը:

«Մենք ուրախ ենք, որ բարեպաշտ հաւատացեալները հասկանում են, որ իրենց ընտանեկան սրբութիւնները` ժառանգաբար փոխանցուած, պէտք է փոխանցեն բուն օրրանին, եկեղեցուն, որտեղ դրանք բաց կը լինեն հանրութեան համար», – ըսած է Մայր Աթոռի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը:

Ձեռագիրը ընդօրինակած է Յովհաննէս քահանան 1625-ին, կազմը պատրաստած է արփաթագործ Շահմիր Կարապետը 1656-ին:

Առաջին էջին վրայ պատկերուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը` արքայական ընտանիքը մկրտելու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածին Մայր Տաճարը, Արարատը եւ Նոյեան տապանը: Երկրորդ եջին` Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը եւ Ներսէս Շնորհալին:








All the contents on this site are copyrighted ©.