2016-07-09 08:51:00

Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու Արտագործ նախարարութեան ''ամօթալի ցուցաի''-ի վրայ


«Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարդոց առեւտուրի վերաբերող իր տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ Թուրքիան յայտնուած է «ամօթալի ցուցակ»-ին վրայ:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Էրտողան Թոփրաք նիւթին առնչութեամբ նշած է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր կառավարման 14 տարիներուն ընթացքին Թուրքիան վերածած է «մարմնավաճառութեան եւ մարդոց առեւտուրի կեդրոնի»:

Ըստ Թոփրաքի, արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ, մասնաւորաբար, արձանագրուած է հետեւեալը.

– Մարմնավաճառութեան, մարդոց առեւտուրի եւ անմարդկային պայմաններու մէջ մարդոց հարկադիր աշխատանքի համար Թուրքիան կը հանդիսանայ, թէ՛ նպատակակէտ, թէ՛ ելակէտային երկիր:

– Թրքական ոստիկանութիւնը բծախնդրութեամբ չի հետեւիր մարդոց առեւտուրին եւ չի վերահսկեր ենթակառոյցները: Այդ երկրին մէջ մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարի նոյնիսկ նուազագոյն միջոցառումներ չեն որդեգրուիր:

– Վերջին մէկ տարուան մէջ շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի եւ 100,000 իրաքցի գաղթականներ տեղափոխուած են Թուրքիա: Հազարաւոր գաղթական երեխաներ փողոցներուն մէջ ողորմութիւն կը խնդրեն, իսկ պատանիները հարկադրաբար կ՛աշխատին ստրուկներու նման. անոնք չափէն աւելի ցած աշխատավարձով, անմարդկային պայմաններու մէջ կը կատարեն շատ ծանր աշխատանքներ:

– Սուրիացի եւ այլ օտարազգի կանայք ու աղջիկներ իսլամական խմբաւորումներու կողմէ կը վաճառուին հասարակաց տուներուն, գումար վաստակելու նպատակով` գինետուներուն, գիշերային վայրերուն, տուներուն մէջ հարկադրաբար մարմնավաճառութեամբ կը զբաղին:

– Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2009-էն ետք չէ թարմացուցած ու զարգացուցած մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարի իր գործողութիւններու ծրագիրը: Այդ պատճառով ալ մարդոց շահագործումներն ու առեւտուրը աւելի կը դիւրանան եւ կը տարածուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.