2016-07-08 09:10:00

Միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոն. Ոչ Աստուծոյ անունով բռնութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Իսթանպուլի, Տաքքայի, Պաղտատի եւ Մետինայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքներուն, Ապտալլահ Պին Ապտուլ Ազիզ Թագաւորին անուամբ մշակութային ու միջ կրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնը, որ հիմնուած է 2012-ին, Սուրբ Աթոռի աջակցութեամբ եւ որուն աթոռը կը գտնուի Վիեննայի մէջ, հինգ կրօններու անունով հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է որուն մէջ կը դատապարտէ յանուն կրօնի գործադրուած բռնութիւնը։

Քրիստոնեայ, Պուտտայական, Ինդու, մահմետական եւ հրէական կրօններու անունով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մօտիկութիւն ու ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք բոլոր զոհերու պարագաներուն, վերոնշեալ կեդրոնի ներկայացուցիչները կը հաստատեն թէ ''ցնցուած են կիրարկուած բռնութեան ի տես, անոնց կողմէ որոնք կրօնը կը պղծեն արդարացնելու համար անարդարացի արարքներ` բռնութիւններ անհատներու եւ պաշտամունքի վայրերու դէմ։

Այս ոճիրներու դիմաց բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը պէտք է միաձայն մերժեն որեւէ նախապաշարում այլ կրօնի կամ այլ մշակոյթի պատկան մարդկանց նկատմամբ, կը գրեն կրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի ներկայացուցիչները իրենց հաղորդագրութեան մէջ, ընդգծելով թէ ''Միութիւնը թոյլ չի տար որ որեւէ բռնարար կամ ահաբեկչական արարք ժողովուրդները եւ մշակոյթները  հեռացնէ խաղաղութեան ճանապարհէն''։ Մենք վճռակամ կը հաստատենք թէ հարկաւոր է դիմել երկխօսութեան ու անոր միջոցաւ հասնիլ հաշտութեան'' կը գրեն միշտ կրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի ներկայացուցիչները եզրափակելով հաղորդագրութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.