2016-07-08 09:45:00

Աթաթիւրքի արձանը՝ Հայկական Եկեղեցւոյ բակին մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Էսքիշեհիր նահանգի Սիւրիհիսար գաւառին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ կ՛իրականացուի հարիւրաւոր արձաններ տեղադրուելու ծրագիր մը:

Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը կը գրէ, որ նախագիծը սկսած է 2011ին, երբ այդ օրերու մշակոյթի  նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ քանդակներու թանգարան մը պէտք է հիմնել:

Նախագիծի աշխատանքները կ՛իրականացուին քանդակագործ Մեթին Եուտանուրի կողմէ եւ ցարդ եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ անոր յարակից տարածքին վրայ տեղադրուած են Աթաթիւրքի, Քազըմ Քարապեքիրի, Կիւլպապայի, Եաշար Քեմալի, Խոճա Նասրետտինի ու այլոց արձանները








All the contents on this site are copyrighted ©.