2016-07-07 09:27:00

Հայ Ազգին կ՛ոգեւորէ Հռոմի Պապի կողմէ ճշմարտութեան բարձրաձայնումը. Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս


Հայ ժողովուրդին համար մեծ մխիթարութիւն է, որ տարբեր ազգեր, պետութիւններ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայ ազգին կ՛ոգեւորէ ու կը գօտեպնդէ այն, որ Հռոմի Սրբազան քահանայապետը բարձրաձայնեց այդ ճշմարտութիւնը:

Արցախփրէսի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «Ալ Մայատին» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Բնական է, որ եկեղեցին պէտք է ճշմարտութիւնը բարձրաձայնի: եւ մենք ուրախ էինք, երբ Վատիկանում Հռոմի Պապը պատմական ճառ արտասանեց` ասելով, որ վէրքը պէտք է վիրակապուի, որ չարիւնահոսուի: Նոյն ոգով նա Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսեց այստեղ` Հայաստանում: Մենք հաւատում ենք, որ սրբազան քահանայապետի խօսքերն արձագանգ կը գտնեն մարդկանց հոգիներում, եւ տարբեր ժողովուրդներ, պետութիւններ կը գան միանալու Հռոմի Պապին` դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէս 20-րդ դարի գործուած առաջին ոճիր մարդկութեան դէմ, այդ ճանապարհով կանխարգելելու յետագայում նման ոճրագործութիւնները, որը տեսնում ենք նաեւ մեր օրերում առանձին ազգերի նկատմամբ»,-  ըսած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Անդրադառնալով Հռոմի պապի այցին Հայաստան` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշած է, որ Սրբազան քահանայապետին այցը Հայաստան ծրագրուած էր դեռ 2014 թուականին: Ներկայացուած է առաջարկ այն մասին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով  համատեղ աղօթք բարձրացուի Վատիկանի մէջ, այնուհետեւ Էջմիածինի մէջ: Ան պատարագ մատուցեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ եւ այս օրերուն հնարաւոր եղաւ, որ Հռոմի Պապը այցելէ Հայաստան եւ միասնաբար աղօթք բարձրացուի առ Աստուած` մաղթելով ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն:

«Հայցելով, որ նման ոճիրներ մարդկային կեանքում տեղ չգտնեն, ազգերը, պետութիւններն ապրեն խաղաղութեան մէջ, համագործակցութեան սիրոյ ոգով: Սա եկեղեցու հոգեւոր առաքելութիւններից է` ջանքեր գործադրել, որ բարեկամութեան ոգին զօրանայ աշխարհի մարդկութեան մէջ: Եւ ինչպէս մարգարէի խօսքը բարձրացուեց այն մասին, որ սուսերներից խոփեր ձուլուեն եւ մարդիկ չսովորեն միմեանց դէմ պատերազմել, այլ խաղաղութիւնը տիրի աշխարհում, մարդկութիւնն ապրի խաղաղութեան մէջ»,- աւելցուցած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.