2016-07-07 09:20:00

«Սփիւռք» Ամառնային դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը


Յուլիս 6-ին ԵՊՀ մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2016-ի «Սփիւռք» ամառնային ամէնամեայ դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրը կ’իրականացուի ԵՊՀ-ի հետ համատեղ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Դպրոցի հանդիսաւոր բացման մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, մտաւորականներ, հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով մասնակիցները` նախարարը նշեց. «Ուրախ եմ Հայաստանի եւ Արցախի 25-ամեայ յոբելեանական տարում ողջունել ձեզ Հայրենիքում: Շնորհաւորում եմ նաեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 5-ամեայ յոբելեանի առթիւ»:

Անդրադառնալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին` նախարարը ընդգծեց, որ դպրոցի մասնակից մեր հայրենակիցներէն իւրաքանչիւրն իր բնակութեան երկրին մէջ ամէն ինչ ըրած է` Արցախին օգնելու համար եւ աւելցուց. «Ուզում եմ յիշել Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը` օրուայ մէջ նախ արէք այն, ինչը պարտաւոր էք, ապա` ինչ կարող էք, եւ դուք կ’անէք անհնարինը: Սիրելի՛ մասնակիցներ, ես համոզուած եմ, որ Սփիւռքում մեր ոսկեղենիկ մայրենին պահելու եւ մատաղ սերնդին փոխանցելու գործում դուք անում էք անհնարինը: Մենք բարձր ենք գնահատում ձեր նուիրումն ու ջանքերը, քանի որ ուծացման դէմ պայքարի միակ միջոցը մայրենիին տիրապետելն է եւ հայ մշակութային, հոգեւոր արժէքներով սերունդներին դաստիարակելը: Վստահ եմ, որ մեր մասնագէտները ձեզ համար կը կազմակերպեն հետաքրքիր եւ համապարփակ դասընթացներ, եւ դուք կը վերադառնաք ձեր բնակութեան երկրներ` զինուած հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի մասին անհրաժեշտ ու խորը գիտելիքներով»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ 2017թ. ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը կ’իրականացուի ՀՀ ԿԳՆ հետ համատեղ եւ ԵՊՀ փորձառու մասնագէտներու ուժերով:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Ան կարեւոր համարեց նման ծրագիրներու իրականացումը` նշելով, որ ատոնք կը նպաստեն Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին: Լեւոն Մկրտչեան շեշտեց, որ 2016թ. մեծ թիւ կը կազմեն վերապատրաստուող պոլսահայ ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ մանկավարժները Ռուսաստանի Դաշնութեան տարբեր մարզերէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը ԵՊՀ հետ համատեղ կազմակերպելու համար` համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան նշեց, որ համալսարանը ոգեւորուած եւ մեծ նուիրումով  լծուած է դպրոցի իրականացման աշխատանքներուն:

Քիեւի մէկօրեայ հայկական դպրոցի ուսուցչուհի Ռուզաննա Մարտիրոսեան նշեց. «Ծրագիրին մասնակից բոլոր ուսուցիչները շնորհակալ են այն հոգատար վերաբերմունքին համար, որ կը ստանան ձեզմէ: Հայրենիքը մեր արեան, մեր սրտին ու մեր աղօթքներուն մէջ է, իսկ անոր հետ կապը մենք կ’իրականացնենք հէնց ձեր միջոցով»:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ համերգ, որ կազմակերպած էր ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնը: Ելոյթ ունեցան մշակոյթի կեդրոնի սաները` (տնօրէն` Կարինէ Դաւթեան) «Կարինէ աւանդական երգի-պարի խումբը (ղեկավար` Գագիկ Գինոսեան) եւ այլք:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ դասընթացները կ’իրականացուին հինգ ուղղութիւններով`

Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիս 3-30),
Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (Յուլիս 3-30),
«Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացք (Յուլիս 3-16),
Լրագրողներու  վերապատրաստում (Յուլիս 3-16),
Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն (Յուլիս 3-16):

Բացի տեսական ու գործնական դասերէն` կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.