2016-07-06 09:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիոնէն ժամանած 200 անկար հիւանդներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թէեւ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  հրապարակային ունկնդրութիւնները, այսօր` չորեքշաբթի 6 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան. Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի թեմին առաջնորդ` Կարդինալ Ֆիլիփ Պարպըրէնի գլխաւորութեամբ Հռոմ ժամանած 200 հիւանդներու եւ անկարներու հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը կրկնէ ''չմոռնալ աղքատները'' ու կը դատապարտէ անտարբերութեան ու մնացորդացի մշակոյթը յորդորելով զարգացնել մարդկայնական տնտեսութիւն մը որուն հիմը ըլլայ ընկերային արդարութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերը կ՛ուղղէ աշխարհի հզօրներուն եւ միւս կողմէն ան տիպար կը հանդիսանայ եղբայրութեան ու կարիքաւոր անձերուն նկատմամբ հոգատարութեան։

Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ առաւօտեան ժամը 9-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց` իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին Ֆրանսայէն ժամանած 200 հիւանդ ու անկար ուխտաւորները որոնք կ՛ապրին յետին աղքատութեան ու դժուարութեան մէջ եւ շնորհիւ Հայր Ժոզէֆ Վրեսինսքի-ի բարեկամներ անուամբ միջազգային ընկերակցութեան կարողացած են, Ողորմութեան Յոբելեանի առթիւ, իրենց ուխտագնացութիւնը կատարել Սուրբ Պետրոսի դամբանին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց  իր սրտի խօսքը իր ուրախութիւնը յայտնելով զանոնք ընդունելուն համար։  

Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, ձեր պատմութիւնը եւ բեռը որ կը կրէք, Յիսուսն է որ մեզ կը միաւորէ իր շուրջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուս իւրաքանչիւրը կ՛ընդունի այնպէս ինչպէս որ է եւ թէ Յիսուսին մէջ բոլորս եղբայրներ ենք։

Ձեր ներկայութիւնը կարեւոր է ինծի համար եւ կարեւոր է որ դուք ձեզ զգաք ձեր տան մէջ ընգծեց Սրբազան Հայրը ակնարկելով անոնց ու իրենց ընկերացողներուն աւետարանական եղբայրութեան տուած վկայութեան։

Յիսուս `սիրոյ համար դարձաւ ձեզմէ մին ուզեց կիսել ձեր փորձառութիւնը, անարգուեցաւ մարդոցմէ, մոռցուեցաւ եւ դարձաւ ոչնչութիւն։ Երբ ձեզի ալ պատահի նոյնը մի մոռնաք որ Յիսուս եւս ապրեցաւ այդ պայմանները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այս մէկը ապացոյցն է թէ անոնք յարգի են Յիսուսի աչքին որովհետեւ.  ''Դուք եկեղեցւոյ սիրտն էք '' շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ որովհետեւ Յիսուս միշտ նախընտրութիւն տուած է ձեզի նման անձերուն որոնք կ՛ապրէին նոյն պայմաններուն մէջ։

Վկայեցէք փոքր ժեստերու կարեւորութիւնը որ ամէն մին կարող է իրագործել եւ որոնք կը սատարեն խաղաղութեան կառուցումին, յիշելով միշտ որ եղբայրներ ենք եւ թէ Աստուած Հայրն է մեզ բոլորիս, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց հիւանդներուն ընկերացողներուն, անոնց տածած նուիրեալ ծառայութեան համար որ հիմնուած է իրենց հիմնադիր հօր սկզբունքներուն վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ձեզմէ կը խնդրեմ որ պահպանէք քաջութիւնը եւ ձեր անձկութիւններու ընթացքին եւս պահպանէք ուրախութիւնն ու յոյսը։ Թող որ ձեր մէջ բնակած ճրագը երբեք չմարի որովհետեւ մենք կը հաւատանք Աստուծոյ մը որ անարդարութիւնները կը խափանէ, որ կը մխիթարէ եւ գիտէ վարձատրել անոնք որոնք իր վրայ կը վստահին։

Դուք Քրիստոսի վկաներն էք, դուք Աստուծոյ մօտ բարեխօսներ էք որովհետեւ Ան յատուկ կերպով կը լսէ ձեր աղօթքները - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց հաստատելով թէ ''աղքատները եկեղեցւոյ գանձն են'' ու ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն հարուստներուն ու անտարբերութեան մէջ ապրողներուն համար, որպէսզի Տէրը փոխէ անոնց սրտերը։

Կը խնդրեմ նաեւ որ աղօթէք ձեր  աղքատութիւնը պատճառողներուն համար­, որպէսզի դարձի գան­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց աղօթել նաեւ քահանաներուն համար ու բոլոր այն անձերուն համար որոնք Ղեւտացիին նման մահամերձ մարդը տեսնելով հանդերձ իրենց աչքերը կը սեւեռեն այլուր։

Բոլոր անձերուն ժպիտ նուիրեցէք ու անոնց համար բարիք հայցեցէք ու Յիսուսէն խնդրեցէք որ դարձի գան։ Ձեզի կը վստահեցնեմ թէ եթէ դուք այս մէկը ընէք, Եկեղեցւոյ մէջ, ձեր սրտին մէջ ու համայն Ֆրանսայի մէջ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու Յիսուսի մօր` Մարիամին ու անոր Հօր` Սուրբ Յովսէփի հովանիին յանձնելով ներկաները հրաւիրեց զանոնք միասնաբար  աղօթել Հայր Մերը ապա անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.