2016-07-06 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի յուլիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան հայող պատկերասփռուած պատգամը:


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան հայող պատկերասփռուած պատգամը։

2016 տարուայ յուլիս ամսուայ որպէս քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած է հետեւեալ նիւթը  ''Որպէսզի բնիկ ժողովուրդները` որոնց ինքնութիւնը եւ նոյնինքն անոնց գոյատեւումը սպառնալիքի տակ է` յարգուին'' 

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը հրապարակեց լսատեսողական պատգամ մը.  որուն սկիբզբը բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչ մը ըսաւ.

՝՝Յանուն  բնիկ ժողովուրդներուն կ՝ուզեմ խնդրել, որ յարգուի մեր կեանքի ապրելակերպը, մեր իրաւունքները ու մեր աւանդութիւնները։  Ինծի մտիկ պիտի ընե՞ն։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ պատասխանեց.

՝՝Կուզեմ արձագանգ ու բանբերը հանդիսանալ բնիկ ժողովուրդներուն խորին իղձերուն։ Եւ կ՝ուզեմ, որ դուն քու ձայնդ միացնես իմ ձայնիս, աղօթելով բոլոր սրտով, որպէսզի յարգուին բնիկ ժողովուրդները, որոնք իրենց ինքնութիւնը եւ նոյնինքն իրենց գոյութիւնը սպառնալիքի տակ է՝՝։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.